News & Events

Այսօր երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներուն եւ աշակերտներուն տրամադրուած յատկացումներու տուչութիւն:

Այս նախաձեռնութեամբ` իր տարաբնոյթ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան կողքին, ԱՖՀԻԼ-ը նաեւ տարիներէ ի վեր իր ներդրումը կ՛ունենայ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ` օժանդակելով նիւթական դժուարութիւն ունեցողներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն եւ զինուին վկայականներով:

Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք ԱՖՀԻԼ-ի բազմաճիւղ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:

2014 տարեշրջանին նորութիւնը այն է, որ ԱՖՀԻԼ-ը համաձայնագիր մը կնքեց «Եուրոքրոս» եւրոպական ապահովագրութեան հետ, որպէսզի ասկէ ետք ԱՖՀԻԼ-ը ունենայ ճամբորդական ապահովագրութիւն:

Ընդհանրապէս ճամբորդական ապահովագրութեան կարեւորութիւն չեն տար: Սակայն որեւէ մէկ արկած ճամբորդութեան պարագային շատ գէշ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: ԱՖՀԻԼ-ը ասկէ ետք ինչպէս Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհի չորս ծագերուն ճամբորդական ապահովագրութիւն ունի` նոյն խնամքով եւ հսկողութեամբ:

15-ամեակի առիթով 2013 ԱՖՀԻԼ-ը բացումը կատարեց «Արին» կեդրոնի երրորդ յարկի իր մարզանքի նոր կեդրոնին:

Այսօր «Աղբալեան»-ի եւ Պուրճ Համուտի զոյգ կեդրոններուն մէջ անդամագրուած են 800-է աւելի երիտասարդներ: Այս տարի ծրագրած ենք Այնճարի մէջ ալ մասնաճիւղ մը բանալ:

ԱՖՀԻԼ-ը այսօր կը հաշուէ 6000 անդամ, 3000 աշակերտ եւ 10,000 ինքնաշարժի ապահովագրութիւն: ԱՖՀԻԼ-ի հասոյթէն բաժին մը կը յատկացուի հայ համալսարանականներուն եւ աշակերտներուն:

Հասոյթէն բաժինով մըն ալ օժանդակութիւն կը տրամադրուի ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չեղող պարագաներու: Այսօր ԱՖՀԻԼ-ի թիւի մագլցումը բնականաբար կ՛ազդէ նպաստներու բարձրացման: Այս իմաստով իւրաքանչիւր հայ անհատ ԱՖՀԻԼ-ի հետ գործակցելով բնականաբար օժանդակած կ՛ըլլայ ֆոնտերուն:

ԱՖՀԻԼ-ը այս տարի կը ծրագրէ նաեւ դեղարան մը ունենալ: Դեղարանի կողքին կայ նաեւ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին քարթի ստեղծումը: Քարթը շրջագայութեան մէջ պիտի մտնէ մարտ ամսուան ընթացքին եւ աւելի քան 450 կեդրոններէ գնումներու ընթացքին «Կեանք մը փրկենք» քարթը ներկայացնելով` նպաստած կ՛ըլլաք ֆոնտին: Շուտով յատուկ ձեռնարկով մը պիտի ներկայացնենք ծրագիրը:

ԱՖՀԻԼ-ի առաքելութիւնը հիմնականին մէջ առաւելագոյն չափով հայ ընտանիքին առողջապահական ապահովագրութիւն ապահովելն էր:

Կը հաւատանք, որ այսօր մեծ թիւով ընտանիքներ վստահութիւն ունին մեզի, ինչ որ մեր պատասխանատուութիւնը աւելի կը մեծցնէ:

Վերջապէս ապագայ ծրագիրներուն իմաստով բանակցութիւններու մէջ ենք Հայաստանի մէջ գործող ապահովագրական ընկերութեան մը հետ, որպէսզի ԱՖՀԻԼ-ի անդամները ասկէ ետք երբ Հայաստան գտնուին կարենան իրենց քարթով օգտուիլ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդանոցային ցանցէն: