ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ app»-ի գործարկումը  երկար ատենէ ի վեր իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք զգալի դարձուցած էր: app-ի ծրագրաւորման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն եւ շուտով «Ազդակ»-ի կայքը, որ արդէն մոպայլ ձեւաչափով հասանելի էր Անտրոյտ եւ էփփըլ բջիջայիններուն համար, գործնականօրէն հասանելի կը դառնայ նաեւ app-ի միջոցով:

Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն: