ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

Նախորդ տարուան աւարտին ԱՖՀԻԼ-ը արժանացաւ բարձր որակի եւ առեւտրական համբաւի միջազգային զոյգ մրցանակներու` իր գործունէութեան ողջ ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ իրականացուցած համայնքային օգտաշատ ծրագիրներուն համար: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանի հետ: