ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` Հայ Համալսարանականներուն, Դպրոցականներուն, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

Երէկ` երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ շեշտը դրուեցաւ հայ իրականութեան մէջ հայ երիտասարդին կարեւոր դերակատարութեան վրայ, որուն գիտակից պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ըստ այնմ ծառայէ իր…