News & Events

«Ազդակ app»-ի գործարկումը  երկար ատենէ ի վեր իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք զգալի դարձուցած էր: app-ի ծրագրաւորման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն եւ շուտով «Ազդակ»-ի կայքը, որ արդէն մոպայլ ձեւաչափով հասանելի էր Անտրոյտ եւ էփփըլ բջիջայիններուն համար, գործնականօրէն հասանելի կը դառնայ նաեւ app-ի միջոցով:

Կարեւոր հիմնական առաւելութեամբ մը կ՛օժտուի «Ազդակ»-ի լուրերու բաժինը: «Ազդակ app»-ը ներբեռնողները մեքենականօրէն օրուան ընթացքին իրենց բջիջայիններու պաստառներուն վրայ պիտի ստանան նաեւ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի լուրերը:

ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնութեան քաջալերանքի այս քայլը մեզ կը մղէ app-ի գործարկումէն անմիջապէս ետք անցնիլ ելեկտրոնային տարածքի վայր նախաձեռնելի հիմնական այլ ծրագրին` համացանցային պատկերասփիւռի նախնական առաջին փորձերուն:

Շնորհակալութիւն ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնութեան: