ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ

Չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան,…