ԱՖՀԻԼ, հայկական առողջապահական իրերօգնութեան սնտուկը հիմնադրուած է Համազգային Մշակութային Միութեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին եւ Հայ Ընկերային Ծառայողներու Միութեան կողմէ, Լիբանանի մէջ, 1998-ին:

ԱՖՀԻԼ-ի առաջնային նպատակակէտը՝ բժշկական ապահովութիւն հայթայթելն է եւ օգնել՝ առողջապահական ապահովագրութեան կարեւորութեան վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը տարածելու լիբանանեան հասարակութեան մօտ: ԱՖՀԻԼ իր հիւանդանոցային ծառայութիւնները կը կատարէ «Globemed»-ին հետ համակարգումով, որպէս 3-րդ կողմի սպասարկութիւն:

ԱՖՀԻԼ նաեւ կը քաջալերէ համալսարանական ուսանողները, որպէսզի հասնին իրենց նպատակներուն՝ զօրավիգ կանգնելով եւ նիւթական նպաստ յատկացնելով անոնց:

Մինչեւ օրս, ԱՖՀԻԼ ունի աւելի քան 7000 անդամ, որոնց համար ոչ միայն ապահովագրական ծառայութիւններ կը մատուցէ, այլեւ՝ նիւթական դիւրութիւններ կը ստեղծէ, մարդկային ընկերային նպաստներ կու տայ եւ տնային առողջապահական ծառայութիւններ կը ներկայացնէ:
Հմուտ անձնակազմով եւ արհեստավարժ կառավարման մեթոտով, ԱՖՀԻԼ լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցէ իր մեծայարգոյ անդամներուն: